2016-03-24 10:05:00

Վատիկանի Ողորմաբաշխ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը` ''Տնանկ Յիսուսի'' արձանը Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մարդու հասակով Յիսուսի մէկ պրոնզէ արձանը, որ կը ներկայանայ որպէս տնանկ մը երկնցած նստարանի մը վրայ­, պարզ ծածկոցով մը փաթթուած, ու երկու ոտքերը քամով խոցուած,  Ողորմութեան այս տարուան Աւագ Շաբաթուան ընթացքին, ցուցադրուած է Վատիկանի ''Sant’Egidio'' բակին մէջ, ուր կը գտնուի նաեւ Վատիկանի Ողորմաբաշխութեան գրասենեակը։

Իրապաշտ այս ստեղծագործութիւնը գործն է Քանատացի արուեստագէտ Timothy P. Schmalz որ իր այս ստեղծագործութիւնը իրագործած է ներշնչուելով`  ծննդեան տօներու ընթացքին նստարանի մը վրայ գնացող թափառաշրջիկի մը տեսարանէն։

''Երբ անտեսուած մը տեսնենք, կը գրէ Քանատացի գեղարուեստագէտը, պէտք ենք անոր մէջ տեսնել Յիսուս Քրիստոսը։ Աղքատ ու անշուք անհատներու մէջ կայ դիմագիծը ու ներկայութիւնը Յիսուսի։ Սուրբ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք Յիսուսի այս խօսքը ''ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք''։

Նոյեմբեր 2013-ին, չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, գեղարուեստագէտը բարեպատեհութիւնը ունեցաւ ''տնանկ Յիսուսի'' արձանին մանրակերտը նուիրել ֆրանչիսկոս Պապին։ Նորին Սրբութիւնը ձեռքը դրաւ Յիսուսի արձանի ծունկին ու ոտքին վրայ ու աղօթեց. այն ինչ որ Քահանայապետը յաճախ կը կատարէ նաեւ երբ կը մօտենայ անշուքերուն ու անտեսուածներուն։

Քանդակագործը ուզեց արձանի նմանօրինակը նուիրել Վատիկանի Ողորմաբաշխ գրասենեակին, մինչ պրոնզին մէջ ձուլուած, արձանի առաջին օրինակը զետեղուած է Քանատայի Թորոնթօ-ի Յիսուսեան հայրերու ''Regis College'' համալսարանի աստուածաբանական մասնաճիւղին մէջ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.